2012-09-05 12:50:18

Ծայրայեղ Հրեաները Կը Քանդեն Լադրունի Դրապիստներու Ճգնարանը` Երուսաղէմի Լատիներու Պատրիարքի Ցասում Ի Լուր Անշնորհ Արարքին։


Երուսաղէմի արեւմուտքը գտնւող Լադրուն վանականներու ճգնարանը թիրախ դարձաւ ծայրայեղ հրեաներու կողմէ։ ''վճառելիք գին'' կոչուող ծայրայեղ հրեաները իրենց անվայել ներգործութեամբ ահաբեկչական յարձակում կատարած են մենաստանին դէմ։ Անոնք նախապէս այլ աւերիչ ներգործութիւններ կատարած են Երուսաղէմի քրիստոնեայ կալուածներու դէմ։ Մենաստանի պատերու վրայ արձանագրած պղծախօսքերու համար Երուսաղէմի լատիներու պատրիարքը իր ցասումը յայտնած է այդ արարքները որակելով որպէս անվայել։ ֆուատ Թուալ պատրիարքը հարցադրած է թէ ի՞նչ կը պատահի այսօր հրեայ ընկերութեան մէջ որպէսզի քրիստոնեաները նոխազ դառնան նման բուռն արարքներու։ Պատրիարքը յիշեցնել կու տայ որ Լադրունի վանականները իրենց կեանքը կ'անցնեն աղօթքով ու աշխատանքով։ Ամէն շաբաթ հարիւրաւոր հրեաներ կ'այցելեն մենաստանը ու ջերմօրէն կը հիւրընկալուին։ Պատրիարքը կը հարցադրէ նաեւ թէ այս ահաբեկիչները ի՞նչպիսի կրթութիւն ստացած են իրենց տուներու եւ դպրոցներու մէջ եւ թէ ի՞նչու այս յանցաւորները տակաւին չեն գտնուած ու ատեան չեն կանչուած։ Ժամը հնչեց - ըսաւ Պատրաիարքը - որ իսրայէլեան իշխանութիւնները գործեն ու վերջ դնեն այա անվայել բռնութիւններուն ու կրթաօճախներու մէջ երաշխաւորեն ''յարգանքի դաստիարակութիւն''։








All the contents on this site are copyrighted ©.